Թուրքիոյ Իշխանութիւնները Պիտի Վերանորոգեն Անիի Աւերակներուն Մէջ Գտնուող Մանուչէի Մզկիթը

Աշխարհ

Թուրքիոյ իշխանութիւնները որոշած են ամբողջովին վերանորոգել Անիի աւերակներուն մէջ գտնուող Մանուչէի մզկիթը: Թուրքիոյ արդիւնաբերութեան եւ գիտարուեստի նախարարութիւնը կից Զարգացման գործակալութիւններու գլխաւոր վարչութեան հսկողութեամբ սկիզբ առած են աշխատանքներ, որոնց նպատակը մզկիթը ապագայ սերունդներուն փոխանցելն ու աշխարհին ծանօթացնելն է:

Մզկիթի վերակառուցման եւ նախագծման աշխատանքներու իրականացման համար արձանագրութիւն ստորագրուած Զարգացման գործակալութիւններու գլխաւոր վարչութեան եւ Մշակութային ժառանգութեան ու թանգարարններու գխաւոր վարչութեան միջեւ:

Ըստ արձանագրութեան` նախագիծը պիտի ֆինանսաւորեն Թուրքիոյ տարբեր շրջաններու մէջ գործող 26 զարգացման գործակալութիւն, իսկ վերանորոգման աշխատաքները կը նախատեսուի աւարտել 2021-ի Օգոստոս 26-ին` Մանազկերտի ճակատամարտի 950-ամեակին: