
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Յայտարարութիւնը` Սահմանադրական Փոփոխութիւնը Անթոյլատրելի Նկատող
Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն մարմինը Յունիս 22-ին հրապարակեց հետեւեալ յայտարարութիւնը` սահմանադրական փոփոխութիւններուն վերաբերող:
«Սահմանադրական փոփոխութիւններու արագընթաց եւ անպատասխանատու կերպով Ազգային ժողովի մէջ ներկայացումը, քննարկումն ու ընդունումը կը փաստեն, որ.
1.- օրուան քաղաքական իշխանութիւնը հետեւողականօրէն կ՛արհամարհէ երկրի Մայր օրէնքն եւ, մեկնելով անձնական ու քաղաքական շահախնդրութենէն, կ՛իրականացնէ կամակատար դատարան ունենալու ցանկութիւնը,
2.- օգտուելով երկիրը համակած «Քորոնա» ժահրի յաղթահարման պատրուակով յայտարարուած արտակարգ դրութենէն, քաղաքական իշխանութիւնը անթաքոյց կերպով կը կայացնէ Սահմանադրութեան իրար հաւասարակշռող երեք ճիւղերէն մէկուն` դատական համակարգի առանցքային դերակատարութիւն ունեցող Սահմանադրական դատարանը զաւթելու որոշում, ինչ որ առերեւոյթ առանձնապէս ծանր յանցագործութեան տարրեր կը պարունակէ:
Ամօթալի եւ անթոյլատրելի հակասահմանադրական այս ընթացքը պէտք է կասեցնել: Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու վերաբերեալ Ազգային ժողովի ընդունած հակասահմանադրական որոշումները անհրաժեշտ է քննարկման առարկայ դարձնել Սահմանադրական դատարանին մէջ: Այս առումով կ՛ողջունենք «Բարգաւաճ Հայաստան» խորհրդարանական խմբակցութեան դիրքորոշումն ու նախաձեռնութիւնը, կը յորդորենք «Լուսաւոր Հայաստան» խորհրդարանական խմբակցութեան` միանալու այս նախաձեռնութեան:
Կը դիմենք հանրապետութեան նախագահին, որպէս պետութեան գլուխ, նշուած հակասահմանադրական գործընթացի վերաբերեալ արտայայտել յստակ դիրքորոշում եւ ձեռնարկել անհրաժեշտ գործողութիւններ»: