Արամ Ա. Կաթողիկոսը Ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի Եւ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչները Եւ Հայ Նախարարուհին

Սփիւռք

Հինգշաբթի, 18 Յունիսին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի վեհարանին մէջ հանդիպում ունեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ Յակոբ Խաչերեանի եւ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի հետ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ընդհանրապէս Հայաստանի կացութեան, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան եւ մասնաւորաբար Լիբանանի հայութեան վերաբերող հարցեր:

Նոյն օրը վեհափառին նաեւ այցելեց Լիբանանի կառավարութեան նախարարուհի Վարդինէ Օհանեան Գէորգեան: Նախարարուհին հայրապետին զեկուցեց կառավարութեան աշխատանքներու ծրագիրներուն շուրջ: Կաթողիկոսը իր գնահատանքը յայտնեց նախարարուհիին, որ իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ կառավարութեան աշխատանքներուն եւ անհրաժեշտութեան պարագային կը պաշտպանէ Լիբանանի հայութեան իրաւունքները: