
Հաւաքուած է Մայր Տաճարի Հիմնանորոգման Անհրաժեշտ Գումարին Մէկ Երրորդը
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ Յունիս 17-ին տեղի ունեցած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովի ժամանակ նշուած է, որ ներկայ իրավիճակով պայմանաւորուած Մայր տաճարի հիմնանորոգման համար անհրաժեշտ միջոցներու հանգանակութեան գործընթացը կանգ առած է:
Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգի փոխանցմամբ` առ այսօր հաւաքագրուած է նորոգութեան համար անհրաժեշտ գումարին մէկ երրորդը:
Ինչ կը վերաբերի կատարուած շինարարական աշխատանքներուն` նշուած է, որ աւարտին մօտեցած են տաճարի կեդրոնական գմբէթի աշխատանքները: Ամբողջապէս աւարտած է զանգաշտարակներու նորոգումը, կ՛ընթանայ զանգակատան ամրակայումն ու հիմնանորոգումը եւ տաճարին հիմքերու ջրամեկուսացումը:
«Շինարարական աշխատանքներուն զուգընթաց ճարտարապետներուն կողմէ կը կատարուին նաեւ անհրաժեշտ ուսումնասիրութիւններ: Արդիւնքով ի յայտ եկած են նոր խնդիրներ արեւմտեան մուտքին յարակից հիւսիային եւ հարաւային թաղածածկերու հետ կապուած, որոնք պէտք է ամբողջապէս վերակառուցուին: Իսկ տաճարին որմնանկարներու ուսումնասութեան եւ վերականգնման աշխատանքը ժամանակատար է, քանի որ կ՛ենթադրէ որմնանկարներու առանձնացում ծեփերէն, շինարարական շխատանքներու աւարտին վերատեղադրում եւ նորոգութիւն»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: