
ՀՀ Մարդասիրական Առաքելութեան 5-րդ Խումբը Յունիս 16-ին Մեկնած է Սուրիա
Յունիս 16-ին տեղի ունեցաւ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան մէջ մարդասիրական առաքելութիւն իրականցանող խումբի հերթափոխը:
Այս մասին «Եռագոյն»ը
կը տեղեկանայ Մարդասիրական ականազերծման
եւ փորձագիտական կեդրոնէն:
Ականազերծողներէ եւ բժիշկներէ բաղկացած հերթական
խումբը, ռուսիոյ
գործընկերներու աջակցութեամբ մեկնած է Հալէպ եւ մինչեւ Հոկտեմբեր
այնտեղ պիտի իրականացնէ իր առաքելութիւնը:
Համաձայն հակաականային գործողութիւններու միջազգային չափորոշիչներուն 5-րդ խումբի սակրաւորները, անցնելով ուսումնական նախավարժանք, պիտի սկսին դաշտային աշխատանքներու:
Իսկ Մարդասիրական առքելութիւն իրականացնող 4-րդ խումբի ականազերծողներն ու բժիշկները,
թէեւ Սուրիոյ մէջ COVID-19 քննութիւն յանձնած են եւ ստացած են բացասական պատասխան եւ վերադարձած Հայաստան, սակայն համաձայն Պարէտի որոշման` 14 օր
պիտի ինքնամեկուսանան: