ՀՀ Ազգային Ժողովը Հաւանութիւն Տուաւ Գագիկ Ծառուկեանը Ազատազրկելու Միջնորդութեան

Հայաստան

ՀՀ Ազգային ժողովը հաւանութիւն տուաւ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար, պատգամաւոր Գագիկ Ծառուկեանը ազատազրկելուն համաձայնութիւն տալու մասին ՀՀ Գլխաւոր դատախազի ներկայացուցած միջնորդութեան: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Armenpress.am-էն, ըստ որուն միջնորդութիւնը փակ եւ գաղտնի քուէարկութեան իբրեւ արդիւնք ընդունուեցաւ 87 «կողմ» ձայնով:

Յիշեցնենք, որ ժամեր առաջ Ազգային ժողովը փակ քուէարկութեամբ պատգամաւոր Գագիկ Ծառուկեանը զրկած էր պատգամաւորական անձեռնմխելիութենէ: Որոշումն ընդունուած էր 87 «կողմ» ձայնով, քուէարկութեան չէին մասնակցած «Բարգաւաճ Հայաստան» եւ «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութիւնները: