
Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքը Սուրբ Սոֆիան Մզկիթի Վերածելու Փաստին Առիթով Հանդէս Եկած է Յայտարարութեամբ
Պոլսոյ Հայոց պատրիարք, արք. Մաշալեան, Սուրբ Սոֆիայի հետ կապուած վերջին զարգացումներուն ծիրէն ներս՝ հանդէս եկած է յայտարարութեամբ։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Երկիր»-էն։
Հայ պատրիարքը, իր խօսքին մէջ կոչ ըրած է՝ Սուրբ Սոֆիան մզկիթի վերածելու պարագային, հատուած առանձնաձնել նաեւ քրիստոնեաներուն համար։ Ան շեշտած է, որ այդպէս թող Սուրբ Սոֆիան դառնայ դարի եւ մարդկութեան խաղաղութեան խորհրդանիշը։
«Միթէ՞ այս առաջարկը այդքան ութոբիսդական է։ Չէ՞ որ մենք նոյն երկնքի տակ կ՝ընենք մեր աղօթքները։ Սուրբ Սոֆիայի գմբէթն ալ պիտի կիսենք։ Մեր կրօնները տարբեր են, սակայն մենք կը հաւատանք նոյն Աստուծոյ։ Աշխարհի փրկութիւնը խաչի եւ մահիկի դաշինքն է»,- ըսած է Մաշալեան։
Նշենք, որ Թուրքիոյ նախագահը յայտարարած էր, որ հրահանգած է մշակել տարբերակներ Սուրբ Սոֆիան մզկիթի վերածելու համար։
Յիշեցնենք, որ Բիւզանդիոյ Կոստանդին կայսրին կողմէ հիմնադրուած եւ ուղղափառներու ամենայայտնի տաճարի համբաւը կրող Սուրբ Սոֆիան Կոստանդնուպոլսոյ գրաւումէն ետք՝ 16-րդ դարուն վերածուած էր մզկիթի, իսկ արդէն Թուրքիոյ հանրապետութեան հիմնադրումէն ետք՝ 1934 թուականին անիկա վերածուած է թանգարանի։