
Հրանդ Տինքի Հիմնադրամին Սպառնալիքներ Ուղարկած 2 Անձի Մինչեւ 26 Տարի Ազատազրկում Կը Սպառնայ
Հրանդ Տինքի կնոջ՝ Ռաքէլ Տինքին եւ Հրանդ Տինքի անուան հիմնադրամի իրաւաբանին ուղարկուած սպանութեան սպառնալիքով նամակներու գործով Պոլսոյ հանրապետական գլխաւոր դատախազութիւնը պաշտօնապէս հետաքննութիւն սկսած էր։
Դատախազութեան կողմէ իրականացուած քննութեան իբրեւ արդիւնք՝ կազուած է 18 էջէ բաղկացած մեղադրական եզրակացութիւն։ Եզրակացութեան մէջ նշուած է 9 հայցուորի անուն, ինչպէս՝ Հրանդ Տինք հիմնադրամի ղեկավարներու եւ հիմնադրամի փաստաբան Ֆեթհիյէ Չեթինի անունը։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն, որ կը վկայակոչէ dha.com.tr-ը։
Ըստ այդ եզրակացութեան՝ Հիւսէին Աթեշին, որ մինչ այդ Քոնիայի մէջ ձերբակալուելէն ետք տեղափոխուած էր Պոլիս, այնուհետեւ՝ կալանաւորուած, Տինքի հիմնադրամի Instagram-ի էջին կատարած էր 3 առանձին սպառնալից մեկնաբանութիւն։ Աթեշի նկատմամբ կը պահանջուի 7․5 – 26 տարի 3 ամիս ազատազրկում։ Ան կը մեղադրուի «շղթայաբար չստորագրուած նամակի կամ յատուկ նշաններու միջոցով սպառնալիք հնչեցնելու» յօդուածի յատկանիշներով։
Միւս կասկածեալը՝ էրսին Պաշքանը, որ Մայիս 30-ին հիմնադրամի ելեկտրոնային հասցէին սպառնալից նամակ ուղարկած էր, կը մեղադրուի վերոյիշեալ յօդուածի յատկանիշներով։ Անոր նկատմամբ պահանջուած է 2․5- 8 տարի 9 ամիս ազատազրկում։
Աղբիւրին տեղեկութիւններով, եթէ ընդունուի այս մեղադրական եզրակացութիւնը, ուստի Աթեշն ու Պաշքանը պիտի դատեն Պոլսոյ առաջին ատեանի դատարանին մէջ։
Յիշեցնենք, որ Պոլսոյ մէջ գործող Հրանդ Տինքի հիմնադրամը տարածած էր յայտարարութիւն, ըստ որուն՝ անյայտ անձը կամ անձերը Մայիս 27-28-ին հիմնադրամի ելեկտրոնային հասցէին ուղարկած են սպառնալից նամակ, որուն մէջ տեղ գտած են պնդումներ, թէ Հրանդ Տինք հիմնադրամը «եղբայրութեան հեքիաթներ» կը պատմէ։ Նամակին հեղինակները սպառնացած էին սպաննել Հրանդ Տինքի այրին՝ Ռաքէլ Տինքը եւ հիմնադրամի իրաւաբանը։
Մայիս 30-ի գիշերը հիմնադրամի ելեկտրոնային հասցէին ուղարկուած էր եւս մէկ սպառնալից նամակ։