
Երբ Միջազգային Հանրութիւնը Ոչ Միայն Չ՝օգներ Արցախցիներու Իրաւունքներու Պաշտպանութեան, Այլեւ՝ Կը Խանգարէ…. Արցախի ՄԻՊ
Արցախի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արտակ Բեգլարեան արձագանգած է Եւրոխորհրդարանի երեք պատգամաւորներուն տարածած յայտարարութեան.
«Արցախ-Հայաստան
երրորդ ճանապարհի կառուցման առնչուող Եւրոխորհրդարանի երեք պատգամաւորներու տարածած
յայտարարութիւնը ամբողջովին կը կրկնէր
ատրպէյճանական
քարոզչական թեզերը, որ կը
յանգեցնէ հիմնաւոր կասկածի, որ անիկա
գրուած է Պաքուի մէջ:
Սակայն առաւել ցաւալին այն է, որ մարդու համընդհանուր իրաւունքներու պաշտպանութեան
կոչուած եւրոպացի պաշտօնատար անձինք ոչ միայն որեւէ բառ երբեւէ ըսած են միջազգային մեկուսացման ու ատրպէյճանական սպառնալիքներու պայմաններու մէջ ապրող արցախցիներու իրաւունքներուն մասին, այլ
նոյնիսկ կ՝որոշեն
դատապարտող յայտարարութիւն ընել մեր սեփական ջանքերով ու միջոցներով իրականացուող
զարգացման ծրագրերուն վերաբերեալ:
Միջազգային հանրութեան անունով
ներկայացող գործիչները եթէ չեն այցելեր Արցախ, եթէ աջակցութիւն չեն ցուցաբերեր
մեր իրաւունքներու
պաշտպանութեան, եթէ չեն սանձեր
Ատրպէյճանի
ակնբախ յանցագործութիւններն ու յարձակումները,
եթէ նոյնիսկ շնորհակալութիւն չեն ըսեր ՀՀ-ին ու աշխարհասփիւռ հայութեան
իրենց փոխարէն իրենց միջազգային պարտաւորութիւնները կատարելուն համար՝ գոնէ պէտք է լռեն ու ջուր չլեցնեն ատրպէյճանական հայատեաց ու ռազմաշունչ քարոզչութեան
ու գործողութիւններու ջրաղացին:
Ես կ’առաջարկէի անոնց մտածել Ստեփանակերտի օդակայանի
վերագործարկման մասին, առաւել եւս, երբ «քորոնա» ժահրի այս ճգնաժամի պայմաններուն մէջ իրենց մաշկին վրայ զգացին, թէ ինչ կը նշանակեն ազատ տեղաշարժի նման
սահմանափակումներն ու մեկուսացումը:
Արցախի բնակչութիւնը
ունի բոլոր իրաւունքները, ինչ յայտարարութիւն կատարած անձերը, եւ մեր
անվտանգութեան ապահովման, զարգացման ու մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցերը մենք կը
լուծենք ողջ հայութեան աջակցութեամբ, անոնցմէ կ՝ակնկալուի միայն չխանգարել…»:
Նշենք, որ Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորները համատեղ յայտարարութեամբ հանդէս եկած Էին Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ նոր ճանապարհի կառուցման կապակցութեամբ, ուր մասնաւորապէս կը նշուի.
«Մենք կրկին կը յայտարարենք մեր շարունակական աջակցութեան մասին ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու ջանքերուն եւ անոնց՝ 2009-ին ընդունուած Հիմնարար սկզբունքներուն: Որպէսզի այս միջնորդութիւնը յաջողութիւն ունենայ, մենք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կոչ կ՝ընենք բարեխղճօրէն աշխուժացնելու իրենց ստանձնած պարտաւորութիւնները հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման բանակցութիւններուն մէջ՝ Ատրպէյճանի միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու ծիրէն ներս»:
Համատեղ յայտարարութեան տակ ստորագրած են պատուիրակութեան նախագահ Մարինա Գալիւրանտը, Հայաստանի մասով ԵԽ-ի մշտական զեկուցող Դրայեան Պասեսգուն, Ատրպէյճանի մասով ԵԽ-ի մշտական զեկուցող Ժելիանա Զովգոն։