
Արցախի Նուիրուած Առցանց Քննարկում
Արցախի ներկայ իրականութեան նուիրուած առցանց քննարկում մը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 13 Յունիսին, Լոս Անճելըսի ժամով կ․ա․ ժամը 11-էն սկսեալ, մասնակցութեամբ «Եւա» ֆիլմի բեմադրիչ Անահիտ Ապատիի, ֆիլմին գլխաւոր դերասանուհի Նարինէ Գրիգորեանի եւ Արցախի մէջ ականազերծում իրականացնող «Հէյլօ Թրասթ» կազմակերպութենէն Ամասիա Զարգարեանի։ Քննարկումը պիտի համադրէ «Ասպարէզ»ի անգլերէն բաժինի խմբագիր Արա Խաչատրեան։
Քննարկումին կարելի է մասնակցիլ՝ այցելելով www.facebook.com/Yevathefilm/videos/320718916597011/ կայքէջը։
Յիշեցնենք, որ «Եւա» ֆիլմը կարելի է վարձելով դիտել «Վիմէօ» կայքին միջոցաւ (https://vimeo.com/ondemand/yeva). անոր արտադրողները որոշած են նիւթապէս աջակցիլ «Հէյլօ Թրասթ» կազմակերպութեան, կրկնապատկելով https://halotrust.org/donate-nk կայքին միջոցաւ անոր կատարուող նուիրատուութիւններուն գումարը։
Ֆիլմը դիտելու համար այցելել կայքէջը, իսկ ուղղակի «Հէյլօ Թրասթ» կազմակերպութեան նուիրատուութիւն կատարելու համար՝ https://halotrust.org/donate-nk կայքէջը։
«Ասպարէզ»