
Արտակարգ Դրութեան Ժամկէտը Երկարաձգուեցաւ Մինչեւ Յուլիս 13
Հայաստանի մէջ արտակարգ դրութեան ժամկէտը երկարաձգուեցաւ եւս մէկ ամիսով: Այդ մասին որոշում ընդունուեցաւ կառավարութեան Յունիս 12-ի արտահերթ նիստի ժամանակ:
Արդարադատութեան նախարար Ռուստամ Բադասեան նշեց, որ որոշմամբ արտակարգ դրութիւնը երկարաձգուեցաւ մինչեւ 2020 թուականի Յուլիս 13-ը` ժամը 17:00-ն ներառեալ:
«Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ «Քորոնա» ժահրի հիւանդութեան հետեւանքով յառաջացած արտակարգ իրավիճակը կը շարունակէ սպառնալ բնակչութեան կեանքին ու առողջութեան եւ կրնայ յանգեցնել մարդոց կենսագործունէութեան բնականոն պայմաններու խախտման:
2020 թուականի Մարտ 16-ին արտակարգ դրութիւն յայտարարելու համար հիմք ծառայած հանգամանքները դեռ չեն վերացած, որու մասին կը վկայեն, մասնաւորապէս, Յունիս 12-ի դրութեամբ հաստատուած «Քորոնա» ժահրի հիւանդութեան դէպքերը, ինչպէս նաեւ այն, որ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ վարակի յետագայ տարածումը եւ վարակի դէպքերու թիւի աճը կը շարունակեն սպառնալ մարդոց կեանքին ու առողջութեան»,- ըսուած է որոշումին մէջ: