Արցախի Մէջ Արտակարգ Իրավիճակի Ժամկէտը Երկարաձգուած է

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Յունիս 11-ին ստորագրած է hրամանագիր, որուն համաձայն` Արցախի Հանրապետութեան մէջ 2020 թուականի Ապրիլ 12-ին յայտարարուած եւ մինչեւ Յունիս 11-ը երկարաձգուած արտակարգ իրավիճակի ժամկէտը երկարաձգուած է 30 օրով` 2020 թուականի Յունիս 11-ի, ժամը 22:00-էն մինչեւ 2020 թուականի Յուլիս 11-ը, ժամը 22:00-ը ներառեալ:

Այս մասին կը յայտնեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն: