«Լիբանանը Սփիւռքի Բաբախող Սիրտն Է». Լիբանանահայութեան Օժանդակութեան Գանատայի Մարմինի Ատենապետ Նորայր Պէրպէրեան

Սփիւռք

23 Մայիսին, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէն յատուկ կոչով դիմեց քանատահայութեան ու յայտարարեց Լիբանանահայութեան օժանդակութեան Գանատայի մարմինի կազմութիւնը:

28 Մայիսին, սկիզբ առաւ նուիրահաւաքի արշաւը: Իր առաջին կոչին մէջ Լիբանանահայութեան օժանդակութեան Գանատայի մարմինը կը նշէ. «Գանատահայութիւնը միշտ լիաբուռն օժանդակութիւն հասցուցած է հոն, ուրկէ եկած է տագնապի ձայնը` հայրենիքէն եկած ըլլայ ան թէ սփիւռքի որեւէ գաղութէ: Վստահ ենք, որ այս անգամ եւս, նո՛յն ոգիով զօրավիգ պիտի կանգնինք լիբանանահայութեան»:

Թորոնթոյի «նոր հայ հորիզոն» յայտագիրի հաղորդավար Խաժակ Գուլաճեան Լիբանանահայութեան օժանդակութեան Գանատայի մարմինի ատենապետ Նորայր Պէրպէրեանին հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը, որուն ընթացքին վերջինը նախ ներկայացուց Լիբանանի մէջ տիրող ընկերային, տնտեսական, դրամատնային, անգործութեան տագնապալի կացութիւնը, որ կը տիրէր «Քորոնա» ժահրի ծագումէն եւ անոր ստեղծած համաճարակէն աւելի առաջ` հոկտեմբեր 2019-էն: Ան նաեւ խօսեցաւ Լիբանանի մէջ ստեղծուած «Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապին մասին, որ օգնեց եւ կը շարունակէ օժանդակել բոլորին` առանց որեւէ խտրականութեան:

«Գանատան չէր կրնար ձեռնածալ մնալ այս կացութեան դիմաց, ուստի Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէն յառաջացուց Լիբանանահայութեան օժանդակութեան Քանատայի մարմինը, որ կ՛ընդգրկէ Գանատայի բոլոր կոմիտէները, ուղեկից միութիւնները` Համազգային, ՀՕՄ, ՀՄԸՄ, ուսանողական միութիւնը, ՔԵՄ եւ պատանեկան միութիւնները: Այս յանձնախումբը Գանատայի տարածքին պիտի գործէ, որպէսզի կարենայ դրամահաւաք ընել` յօգուտ լիբանանահայութեան», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ նուիրատուութիւնները կարելի է կատարել հետեւեալ կայքէջին ճամբով https://acc.akaraisin.com/Donation/Event/DonationInfo.aspx?seid=22523&mid=48

Նորայր Պէրպէրեան բացատրեց, որ Լիբանանի մէջ կառավարութիւնը չի գործեր ինչպէս Գանատայի մէջ, իսկ այդ օժանդակութեան պարտականութիւնը Դաշնակցութեան Լիբանանի կառոյցը իր ուսերուն առած է: «Գանատան միշտ պատնէշի վրայ եղած է, հասած է հոն, ուր կարիք ստեղծուած է: Չմոռնանք ըսելու, որ Լիբանանը սփիւռքահայութեան բաբախուն սիրտն է, ան միշտ հասած է հոն, ուրկէ կարիքի ահազանգ լսուած է` ըլլայ նիւթական, ըլլայ մարդուժով, ազատամարտիկներով եւ նահատակներով: Այնպէս որ, մենք չենք կրնար ականջ չտալ լիբանանահայութեան մեր կառոյցի կոչին, ուստի մեր փափաքն է, որ բոլորս հասնինք լիբանանահայութեան կարիքներուն, եւ գանատահայութիւնը մասնակից դառնայ այս նուիրահաւաքին», կոչ ուղղեց Լիբանանահայութեան օժանդակութեան Գանատայի մարմինի ատենապետը: