
Էսթոնիա Կ՛աջակցի «Հայաստանի Մանուկներ» Հիմնադրամին` Համավարակի Դէմ Պայքարելու համար
Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան այսօր հեռախօսազրոյց ունեցած է Էսթոնիոյ Հանրապետութեան նախագահ Քերսթի Քալիւլայտի հետ:
Նախագահները խօսած են երկու երկիրներու մէջ «Քորոնա» համաճարակի հետ կապուած իրավիճակին, անոր կանխարգիլման ու յաղթահարմանն ուղղուած միջոցառումներուն շուրջ, քննարկած համագործակցութեան հնարաւորութիւնները համաճարակի դէմ պայքարին մէջ:
Նախագահ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած Էսթոնիոյ նախագահին` «Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամին (COAF) 30 հազար եուրօյ տրամադրելու համար, որ պիտի օգտագործուի համավարակի դէմ պայքարին եւ համապատասխան բժշկական պարագաներ ձեռք բերելու համար:
Հայաստանի եւ Էսթոնիոյ նախագահները անդրադարձած են նաեւ երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման` մասնաւորապէս ընդգծելով արհեստագիտութիւններու, արհեստական բանականութեան, գիտարուեստի, կրթական ոլորտներու մէջ երկու երկիրներու համագործակցութեան մեծ ներուժի առկայութիւնը, ներառեալ նաեւ` նախագահական ATOM նախաձեռնութեան ծիրէն ներս փոխգործակցութիւնը: Այս շրջագիծին մէջ նշուած է, որ նախագահ Արմէն Սարգսեանի` աշնան Էսթոնիա նախատեսուող պաշտօնական այցը նոր խթան պիտի հանդիսանայ երկու բարեկամ երկիրներու համագործակցութեան խորացման: