
Վրաստանաբնակ Հայերը Հայաստանին Նուիրած են 27 Շնչառական Սարքեր
Վրաստանաբնակ քանի մը հայեր «Քորոնա» համաճարակին դէմ պայքարին ծիրէն ներս Հայաստանին նուիրած են 27 շնչառական սարքեր:
Այս մասին «Եռագոյն»-ը կը տեղեկանայ Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան ֆէյսպուքեան էջէն:
Դեսպանութիւնը կազմակերպած է շնչառական սարքերու տեղափոխումը Հայաստան:
Դեսպանութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ նախաձեռնութեան հեղինակներուն եւ ֆինանսական աջակցութիւն ցուցաբերողներուն։