
Թալիշի Մէջ Կ՛ընթանան Արտաքին Ջրագիծի Կառուցման Աշխատանքները
Մարտակերտի շրջանի Թալիշ գիւղին մէջ կ՛ընթանան արտաքին ջրագիծի կառուցման աշխատանքները:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արցախփրես»-ը՝ այս մասին ըսած է համայնքի ղեկավար Վարուժան Օհանեան` նշելով, որ պետական ֆինանսաւորմամբ աշխատանքները սկսած են մօտ մէկ ամիս առաջ եւ կ՛աւարտին մինչեւ տարեվերջ:
«Համայնքին մէջ առաջնահերթ կը համարուի մշտական խմելու ջուր ունենալը: Ունինք նաեւ այլ խնդիրներ, որոնցմէ կարեւոր է նաեւ գիւղամիջեան ճանապարհներու, ինչպէս նաեւ Թալիշ-Մարտակերտ ճանապարհի վերանորոգումը, որ նախատեսուած է իրականացնել այս տարի»,-աւելցուցած է գիւղապետը:
Օհանեանը տեղեկացուցած է, որ ներկայիս Թալիշի մէջ 54 տուն կայ կառուցուած, որմէ 10-ը` հիմքէն, իսկ միւսները վերանորոգուած կամ վերակառուցուած են: Ըստ բնակարանաշինութեան այս տարուան ծրագիրին` կը նախատեսուի գիւղին մէջ կառուցել եւս 10 տուն: Կան բնակիչներ, որոնք կ՛ապրին ժամանակաւոր կացարաններու մէջ: Անոնք եւս պիտի ունենան իրենց հիմնական բնակարանները:
«Թալիշցիները հիմնականօրէն կը զբաղին հողագործութեամբ եւ անասնապահութեամբ: Բնակիչները մեծամասամբ ապահովուած են աշխատանքով: Գիւղին նորակառոյց դպրոց կը յաճախէ 26 աշակերտ, նախադպրոցական տարիքի երեխաներուն թիւը 12 է: Համայնքին մէջ կայ հանդիսութիւններու սրահ, համանքապետարան, ակումբ, բուժկէտ»,- աւելցուցած է ան:
Անդրադառնալով «Քորոնա» համաճարակի տարածման եւ կանխարգելման միջոցառումներու գիւղապետը ըսաւ, որ Թալիշի մէջ եւս կը կազմակերպեն ախտահանման աշխատանքներ, կը պահպանեն անվտանգութեան կանոնները, ամբողջութեամբ զերծ կը մնան հաւաքներէ եւ ձեռնարկներէ: