
Էրտողանը Հրահանգած է Սուրբ Սոֆիայի Տաճարը Թանգարանէն Մզկիթի Վերածել
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը հրահանգած է Պոլսոյ մէջ գտնուող բիւզանդական նշանաւոր Սուրբ Սոֆիայի (Այա Սոֆիա) տաճարը վերածել մզկիթի՝ զրկելով թանգարանի կարգավիճակէն։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն։
Երբեմնի քրիստոնէական հռչակաւոր տաճարը Թուրքիոյ կառավարութեան որոշումով՝ 1934-ին ստացած էր թանգարանի կարգավիճակ։
Իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան (ԱԶԿ-AKP) գործադիր խորհուրդի նիստին քննարկուած է Սուրբ Սոֆիայի մէջ ամենօրեայ հնգապատիկ աղօթք ընելու հարցը։
«Այա Սոֆիայի մէջ աղօթք կը կատարուի եւ ատիկա միայն ու միայն մեր սուրբ ժողովուրդին որոշելիքն է»,- յայտարարած է Էրտողանը։ Ըստ անոր՝ Այա Սոֆիայի մէջ պէտք է ըլլան քուրանեան ընթերցումներ եւ անիկա իբրեւ մզկիթ իր դռները պիտի բանայ զբօսաշրջիկներուն առջեւ այնպէս, ինչպէս Պոլսոյ Սուլթանահմեթ մզկիթը։
Յիշեցնենք, որ դեռ 2019-ին, երբ լրագրողները հարցուցած էին, թէ արդեօ՞ք հնարաւոր է թանգարանի կարգավիճակ ունեցող Այա Սոֆիայի մուտքը Թուրքիոյ քաղաքացիներուն համար դառնայ անվճար, Էրդոտանը պատասխանած էր.
«Հնարաւոր է: Աւելին, մենք այս խնդրով կրնանք այնպէս զբաղիլ, որ անոր անունը արդէն ոչ թէ թանգարան ըլլայ, այլ՝ մզկիթ: Ինչպէ՞ս զբօսաշրջիկները կ՝այցելեն Սուլթանահմեթ մզկիթ, որեւէ վճարում կ՝ընե՞ն: Ո՛չ: Կ՝այցելեն Սուլթանահմեթ, Սիւլէյմանիյէ, Ֆաթիհ մզկիթներ: Նոյն բանը Այա Սոֆիայի պարագային պիտի ընենք՝ թանգարանի կարգավիճակէն դուրս պիտի հանենք»:
Նշենք, որ Սուրբ Սոֆիայի տաճարը գրանցուած է UNESCO-ի համաշխարհային մշակոյթային ժառանգութեան ցանկին մէջ: