Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը Իր Մասնակցութիւնը Բերաւ Հալէպ Ժամանած Նախարարական Պատուիրակութեան Հանդիպումին

Աշխարհ, Սփիւռք

Երեքշաբթի, 2 Յունիս 2020-ի երեկոյեան, Հալէպի քաղաքապետարանի կեդրոնէն ներս, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Հալէպ ժամանած երկրիս Վարչապետարանի նախարարական պատուիրակութեան հետ տեղի ունեցած հանդիպումին։ ԵՌԱԳՈՅՆ-ը այս մասին կը տեղեկանայ «Գանձասար»-էն։

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Հալէպի քրիստոնեայ եկեղեցիներու համայնքապետները, Հալէպի Մուֆթին, Հալէպի կրօնական կալուածներու տնօրէնը, Հալէպի նահանգապետը, շրջանի կուսակցապետը, ինչպէս նաեւ նահանգապետարանի պատասխանատու անձնաւորութիւններ:

Հանդիպումին արծարծուեցան Հալէպ նահանգին առնչուող շարք մը հարցեր, լուսարձակի տակ առնուեցան յատկապէս Հալէպի կենցաղային ներկայ իրավիճակը եւ պսակաձեւ ժահրի համաճարակին ստեղծած կացութեան վերջին զարգացումները:

Հանդիպումը վերջ գտաւ բարեմաղթութիւններու փոխանակումով: