Ազգային Գրադարանի Ելեկտրոնային Շտեմարանները Կրկին Հասանելի Են

Հայաստան

Հայաստանի ազգային գրադարանի տնօրէնի պաշտօնակատար Հրաչեայ Սարիբէկեան այսօր յայտնած է, որ գրադարանի ելեկտրոնային շտեմարանները կրկին հասանելի են, Այս մասին «Եռագոյն»-ը կը տեղեկանայ «Մեդիամաքս»-էն։

«Երկուշաբթի եւ Երեքշաբթի օրերուն մենք զանոնք փորձարկած ենք, հասանելի եղած են մինչեւ ժամը 18:00, իսկ հիմա 24-ժամով առցանց պիտի ապահովենք համակարգող սարքերու սպասարկումը”,- ասուլիսի ժամանակ ըսած է ան:

 Ներկայիս հասանելի է եւ գրադարանի պաշտօնական` www.nla.am կայքը, որ թարմացուած է, եւ թուայնացուած թերթերու, ամսագիրներու ու գրքերու http://tert.nla.am/ հարթակը:

 Իսկ Մայիս 10-ին գրադարանի թուայնացուած արխիւներու համակարգող սարքերու վնասուելու առնչութեամբ իրականացուող փորձաքննութեան արդիւնքներուն անդրադառնալով՝ տնօրէնի պաշտօնակատարը ըսած է. 

«Կը սպասենք փորձաքննութեան վերջնական եզրակացութեան: Դեռ մարդկային միջամտութեան գործօնը, դիտաւորութիւնը չէ հերքուած: Վերջանական դիրքորոշումս պիտի ներկայացնեմ ծառայողական քննութեան աւարտէն ետք»:

 Սարիբէկեան աւելցուցած է, որ այս ընթացքին ամբողջ թուայնացուած արխիւը կրկնապատճէնած են. «Երկու տարբեր տեղ կը պահենք պատճէնները: Կը դիտարկենք նաեւ լրացուցիչ սարքեր ձեռք բերելու հարցը”: