
Թուրքիոյ Մէջ 209 Մտաւորական Դատապարտած է Տինքի Կնոջ Ուղարկուած Սպառնալից Նամակը
Թուրքիոյ մէջ 209 գրող, արուեստագէտ, իրաւապաշտպան, լրագրող եւ քաղաքական գործիչ համատեղ յայտարարութիւն տարածած են՝ դատապարտելով վերջերս Հրանդ Տինքի կնոջ եւ Հրանդ Տինքի անուան հիմնադրամի իրաւաբանին ուղարկուած սպանութեան սպառնալիքով նամակը։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ակօս»-էն։
Նշենք, որ Պոլսոյ մէջ գործող Հրանդ Տինքի հիմնադրամը տարածած էր յայտարարութիւն, ըստ որուն՝ անյայտ անձը կամ անձեր, Մայիս 27-28-ին, հիմնադրամի ելեկտրոնային հասցէին ուղարկած են սպառնալից նամակ, որուն մէջ տեղ գտած են պնդումներ, թէ Հրանդ Տինք հիմնադրամը «եղբայրութեան հեքիաթներ» կը պատմէ։ Նամակի հեղինակները սպառնացած էին սպաննել Հրանդ Տինքի այրին՝ Ռաքէլ Տինքը եւ հիմնադրամի իրաւաբանը։
Յայտարարութեան տակ ստորագրած մտաւորականները յայտնած են, որ երբեք չեն ընդունիր այն հասկացութիւնը եւ գերակշիռ դեր ունեցող այն հասարակարգը, որ փոքր երեխան մարդասպան կը մեծցնէ։
Յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս նշուած է․
«Կը նկատենք, որ վերջերս իրերայաջորդ սադրիչ յարձակումները անհատական բնոյթ չունին եւ կը սնուցուին վրէժ ու ատելութիւն պարունակող խօսքերէ, որոնք անպատասխանատու կերպով կ՝օգտագործուին եւ կը տարածուին լայն զանգուածներու մէջ։ Հասարակութեան մէջ խտրականութիւն դնող լեզուն եւ վարքագիծը վնասաբեր եւ պառակտիչ են։ Ժողովուրդը ճամբարներու եւ խումբերու կը բաժնեն եւ կը փճացնեն յարաբերութիւնները իրարու միջեւ»։
Կը նշուի, որ նման բեւեռացումը ոչ ոքի օգուտ կը բերէ։ Այդ լեզուն եւ վարքագիծը ընդունողները պէտք է հասկնան, որ իրենց նոյնպէս կը բեւեռացնեն։ Մտաւորականները կոչ ըրած են հրաժարելու այդպիսի վարք դրսեւորելէ, շեշտելով, որ Թուրքիոյ մէջ ապրողները հաւասար իրաւունքներ ունեցող մարդիկ են։