Մարդասիրական Օգնութիւն` Լիթուանիայէն Հայաստանին

Աշխարհ, Հայաստան

Մայիս 13-ին Լիթուանիոյ Շիաուլիայ քաղաքի օդակայանին մէջ տեղի ունեցած է Լիթուանիոյ կողմէ Հայաստանին որպէս մարդասիրական օգնութիւն տրամադրուելիք բժշկական սարքաւորումներու փաթեթաւորման եւ ճանապարհման արարողութիւնը, որուն մասնակցած է Լիթուանիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան հիւպատոս Միսակ Բալայեանը:

«Եռագոյն»-ը այս մասին կը տեղեկանայ Լիթուանիոյ, Լաթուիոյ եւ Էսթոնիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութենէն։

Մարդասիրական օգնութեան տրամադրման մասին որոշումը Լիթուանիոյ կառավարութիւնը կայացուցած է Ապրիլ 22-ին, ըստ որուն` Արեւելեան Գործընկերութեան անդամ շարք մը երկիրներու, որոնց շարքին` Հայաստանին, «Քորոնա» ժաահրի դէմ պայքարին աջակցելու համար յատկացուած էր ընդհանուր արժողութեամբ 100 հազար եուրոյի օգնութիւն` լիթուանական ընկերութիւններու կողմէ արտադրուած բժշկական պարագաներու տեսքով: