
ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի Մասնագիտական Ոլորտային Յանձնախումբերու Գրասենեակը Կը Դատապարտէ Լանզարոտի Համաձայնագիրին Վաւերացումը
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի Մասնագիտական ոլորտային յանձնախումբերու գրասենեակը խստօրէն դատապարտեց Մայիս 11 -ին, Ազգային ժողովի քաղաքական մեծամասնութեան կողմէ Լանզարոտի համաձայնագիրի վաւերացման իրողութիւնը:
“«Սեռային շահագործումէ եւ սեռային բնոյթի բռնութիւններէ երեխաներու պաշտպանութեան մասին» Եւրոպական խորհուրդի համաձայնագիրը վաւերացուեցաւ առանց հանրային քննարկումներու, առանց մասնագիտական՝ մանկավարժական, իրաւաբանական, հոգեբանական հանրային կարծիքն եւ մօտեցումները նկատի առնելու, մինչդեռ անիկա անմիջականօրէն կը վերաբերի հանրային բացառիկ շահերու եւ ազգային արժէքներու: Համաձայնագիրը ուղղուած է մեր հասարակութեան ապագային՝ երեխաներուն» կ՛ըսուի գրասենեակին հրապարակած յայտարարութեան մէջ:
Յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի նաեւ, որ համաձայնագիրը ինքնին իրաւական փաստաթուղթ է՝ ստանձնելով յանձնառութիւններ եւ պարտաւորութիւններ, որոնց պիտի յաջորդեն համապատասխան գործողութիւններ եւ միջոցառումներ:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի Մասնագիտական ոլորտային յանձնախումբերու գրասենեակը կոչ կ՛ուղղէ՝ ընդդիմանալու բացասական հետեւանքներու յանգեցնող համաձայնագիրին գործադրութեան ծիրին մէջ բոլոր մակարդակներու վրայ ձեռնարկուող գործողութիւններուն։