«Թուֆենկեան» Բարեգործական Հիմնադրամը Արցախի Մէջ Նոր Ծրագրեր Պիտի Իրականացնէ

Հայաստան, Սփիւռք

Արցախի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան այսօր ընդունած է «Թուֆենկեան» բարեգործական հիմնադրամի պատուիրակութիւնը: Այս մասին, Facebook-ի իր էջին մէջ, գրած է նորընտիր նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան։

«Շնորհակալութիւն յայտնելով Արցախի մէջ ծաւալած երկար տարիներու արդիւնաւէտ գործունէութեան համար՝ ուրախութեամբ լսած եմ Հիմնադրամի գործադիր տնօրէն ու իմ լաւ բարեկամ Ռաֆֆի Տուտագլեանի կողմէն ներկայացուած իրականացուելիք ծրագրերու եւ այդ գործին մէջ ամերիկահայ բարերար Ճէյմս Թուֆենկեանի ունեցած նախանձախնդրութեան մասին:

«Ողջունելով բարեգործական կազմակերպութեան ցուցաբերած հետեւողականութիւնը՝ յայտնած եմ Արցախի իշխանութիւններուն պատրաստակամութիւնը յետայսու եւս բոլոր նախաձեռնութիւններուն աջակցելու գործին մէջ»,- գրած է Ա. Յարութիւնեան։