Արեւելեան ԱՄՆ-ի Հայ Դատը Նշեց Շուշիի Ազատագրութեան 28-ամեակը

Հայաստան, Սփիւռք

Շաբաթ, Մայիս 9-ի երեկոյեան ժամը 6։00-ին, արեւելեան ԱՄՆ-ի Հայ Դատի յանձնախումբը, առցանց յայտագրով մը նշեց Շուշիի ազատագրութեան 28-ամեակը։

Բացման խօսքը կատարեց արեւելեան ԱՄՆ-ի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Պալեան։ Ան շեշտեց, թէ Շուշիի գրաւումը մահ ու կենաց հարց էր եւ շնորհիւ վճռակամ  ու մարտունակ զինեալ քաջերուն, կարելի եղաւ յաղթական դուրս գալ։ Ապա, Պալեան խօսքը փոխանցեց արեւելեան ԱՄՆ-ի, ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Խաժակ Մկրտիչեանին, որ հայերէնով խօսք առնելով շեշտեց Շուշիի պատմական յաղթանակը։

Ան, յայտնեց, թէ Շուշիի ազատագրութեան յաղթական գրոհը օրին ոչ միայն վերջակէտ դրաւ ատրպէյճանական զօրքի դիրքային առաւելութեան, այլեւ ազդանշանը տուաւ հայրենի հողի ամբողջական ազատագրման յաղթարշաւին, որ փառաւոր կերպով շարունակուեցաւ եւ իրագործուեցաւ:

Ապա, փակման խօսքը անգլերէնով փոխանցեց արեւելեան ԱՄՆ-ի, ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Ճորճ Աղճայեանը, որ իր կարգին յայտնեց, թէ  Հայաստանի եւ հայութեան համար ցայսօր զգայուն պայմաններու տակ կը նշուի հայոց նորագոյն պատմութեան ամէնէն փառապանծ յաղթանակներէն` Շուշիի ազատագրութիւնը:

Յայտագրի ընթացքին, վաւերագրական մըն ալ ցուցադրուեցաւ, պատրաստուած “Երկիր-մետիա”-ի կողմէ։