
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Սկաուտները Մասնակցեցան Մայրերու Մեծարման Նախաձեռնութեան
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան, համադրաբար Լիբանանի ներքին գործոց նախարարութեան եւ գործակցութեամբ Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնին, Կիրակի, 10 Մայիս 2020-ին, Լիբանանի սկաուտները, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտները տարբեր շրջաններուն մէջ լիբանանեան արտադրութեամբ վարդեր նուիրելով շնորհաւորեցին մայրերու տօնը: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ազդակ»-էն։
Վերոյիշեալ աշխատանքին ներկայ էին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային սկաուտական խորհուրդի ներկայացուցիչը, Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնին մօտ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային խմբապետութեան ներկայացուցիչ Լոռի Պիլալեան եւ շրջանային մոկլի ճիւղի խմբապետ Մեղեդի Պուտագեան: