
Մեր Ժողովուրդի Հերոսական Աւանդոյթներու Շարունակողը Այսօր Երիտասարդ Սերունդն է․ Բակօ Սահակեանի Ուղերձը
Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան, Մայիս 9-ին, շնորհաւորական ուղերձ յղած է Յաղթանակի տօնին, Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակին եւ Շուշիի ազատագրման 28-րդ տարեդարձին առիթով:
ԵՌԱԳՈՅՆ-ը ուղերձը կը ներկայացնէ Արեւմտահայերէնի վերածած.
«Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Հայրենական մեծ պատերազմի եւ Արցախեան ազատամարտի թանկագի՛ն վեթերաններ,
Պաշտպանութեան բանակի յարգարժա՛ն զօրավարներ, սպաներ, զինուորներ,
Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններու եւ անձամբ իմ անունով ի սրտէ կը շնորհաւորեմ ձեզ Յաղթանակի տօնի, Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի եւ Շուշիի ազատագրման 28-րդ տարեդարձի առիթով:
Այսօր տօն է իւրաքանչիւրիս ընտանիքէն ներս, մեր ամենանուիրական տօներէն մէկը, որ սրբագործուած է հայ ժողովուրդի տարբեր սերունդներու խիզախութեամբ ու անձնազոհութեամբ:
Տասնամեակներ շարունակ մենք մեծագոյն խանդավառութեամբ ու ցնծութեամբ տոգորուած կը տօնէինք Մայիս 9-ը, կը տօնէինք եւ խորին հպարտութեամբ կը մեծարէինք մեր պապերն ու հայրերը, որոնք Խորհրդային Միութեան ժողովուրդներու հետ միասին կերտեցին Մեծ Յաղթանակը: Անոնք մեզ համար անիրական կերպարներ էին, հերոսութեան տիպար, որոնց օրինակով յետագային պիտի զէնք վերցնէինք ու կռէինք մեր բաժին յաղթանակը, գրէինք պատմութեան մեր էջը: Իսկ այդ էջը հերոսական է ու փառաւոր:
Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի ստեղծումը եւ Շուշիի ազատագրումը եռապատկեցին այդ տօնի բերկրանքը՝ դառնալով համայն հայութեան մեծագոյն յաղթանակը, բազմահազար քաջ հայորդիներու ոգիի, մտքի ու բազուկի յաղթանակը: Մենք ապացուցեցինք մեզի եւ աշխարհին, որ կրնանք կռուիլ մինչեւ վերջին շունչը եւ պաշտպանել հող հայրենին, կրնանք յառնել փլատակներէն եւ կերտել պետութիւն, միջազգային չափանիշներուն համապատասխան, ազատ, անկախ ու ժողովրդավարական պետութիւն:
Մեր ժողովուրդի հերոսական աւանդոյթներու շարունակողը այսօր երիտասարդ սերունդն է՝ հայրենասէր, կիրթ, խիզախ ու պատուախնդիր: Անոնք լաւ գիտեն իրենց հայրերու եւ պապերու արեամբ ձեռք բերուած յաղթանակին գինը եւ զայն կը պահեն աչքի լոյսի պէս:
Թանկագի՛ն բարեկամներ,
Այս տօնական օրը մենք նախ եւ առաջ կը յիշենք հայրենիքի համար զոհուած մեր բոլոր հերոսները, գլուխ կը խոնարհենք անոնց անմահ յիշատակին առջեւ: Մեր պարտքն է՝ իրականութիւն դարձնել անոնց իղձերն ու նպատակները, կառուցել հզօր, անվտանգ ու զարգացած երկիր:
Կեցցէ՛ մեր հերոսական բանակը:
Փա՛ռք ու պատիւ հայրենիքի նուիրեալներուն:
Փա՛ռք ու պատիւ հայ ժողովուրդին»: