ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Շնորհաւորական Ուղերձը` Շուշիի Ազատագրութեան 28-Ամեակին Առիթով

Հայաստան

8 Մայիսին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը հետեւեալ շնորհաւորական ուղերձը յղեց Շուշիի ազատագրութեան 28-ամեակին առիթով.

«1992 թուականի Մայիս 8-9 հայկական մարտական ուժերու ռազմական եզակի գործողութեան իբրեւ արդիւնք ազատագրուեցաւ Շուշին` դառնալով Արցախեան ազատամարտի բեկումնային եւ անշրջելի հանգրուանը: Շուշին հայ ժողովուրդի հաւաքական երազանքներու, ազատագրական պայքարի եւ քաղաքական արժանապատւութեան պսակն էր, Հայոց անկախ պետականութեան կերտման ճանապարհին վաւերական արժէք:

«Մեր յաղթանակը արդիւնքն էր հայ ժողովուրդի հաւաքական նուիրումի, ռազմական տաղանդի եւ պայմանաւորուած էր պատմական արդարութիւնը վերականգնելու, հայ ժողովուրդի քաղաքական իրաւունքները իրացնելու աներեր կամքով:

«Շուշիի յաղթանակով ծնաւ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակը, որ կը շարունակէ ըլլալ ազատ եւ անկախ Արցախի անվտանգութեան երաշխաւորը:

«Մեր ազատագրական պայքարի խորհրդանիշ Շուշին այսօր, աւելի քան երբեք, կը հաստատէ այն ճշմարտութիւնը, որ մեր վերջնական յաղթանակը կը կոփուի միայն համազգային միասնականութեամբ, զարգացող եւ կայուն պետականութեամբ:

«Արցախեան ազատամարտով, հազարաւոր հայորդիներու արեամբ նուաճուած Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը անշրջելի է: Անիկա Արցախի, առհասարակ, հայ ժողովուրդի անվտանգութեան եւ զարգացման գրաւականն է ու երաշխաւորը: Արցախի ժողովուրդը իրացուցած է իր քաղաքական կամքն ու ինքնորոշման իրաւունքը, որ ենթակայ չէ ո՛չ սակարկումներու, ո՛չ զիջումներու: Ա՛յս է հզօր, արդար եւ միացեալ Հայաստան կերտելու ՀՅԴ-ի տեսլականը:

«Հայրենիքի ազատագրութեան մարտերուն զոհուած քաջորդիներ, մեր խոնարհումը ՁԵԶ:

«Կը շնորհաւորենք Շուշիի ազատագրման 28-ամեակի եւ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի կազմաւորման առթիւ»: