Երբ Սփիւռքը Կը Սպասէր Շուշիին

Հայաստան, Սփիւռք

Դաշնակցական մտաւորական, հրապարակագիր եւ հրապարակախօս Սեդօ Պոյաճեան Facebook-ի իր էջով անդրադարձած է Շուշիի ազատգրման օրերուն Սփիւռքի մէջ տիրող սպասումի օրերուն:

«Ջիղերու պրկումի օրեր էին, համբերելու օրեր էին Սփիւռքի մէջ։ Արցախեան ազատամարտը կ՚ընթանար իր յաղթական երթով։ Բայց բոլորս կը սպասէինք Շուշիին։ Շուշին էր դափնեպսակը Ազատ Արցախին։ Ամիսներ կը հետեւինք, կը յուսանք, կը տագնապինք… երբ պիտի հասնի Շուշիին հերթը։ Որքա՜ն ոգեզինող էր այդ օրերուն հին բայց միշտ նոր երգին պահանջը, «Ամէն հայ քաջ սպասում էր այդ սիրելի րոպէին, թէ երբ պիտի նետուի ռումբը…»։ Եւ ռումբը նետուեցաւ՝ թափելով կրակ ու արճիճներ Շուշիի ազատագրման ճանապարհին։ Այսպէս էր սպասումը Սփիւռքի տարածքին»,- գրած է ան: