
Մայիսեան Յաղթանակներու Գաղափարա-քաղաքական Մշտանորոգ Պատգամը…
Դերենիկ Մելիքեան

Առնուազն անցնող հարիւրամեակին Հայաստան երկրի ու Հայաշխարհի համար մշտապէս «Յաղթանակներու ամիս» նշանաւորուող ՄԱՅԻՍ-ը, ինչպէս երբեւէ, այս տարի եւս մուտքագրուեցաւ Մայիսմէկեան՝ աշխատաւորութեան փառապանծ տօնով…
Տօն, որուն այս տարի յայտնի պատճառներով ընդառաջ գնաց նաեւ հայութիւնը՝ «առցանց» կարգավիճակով:

Տակաւին, սակայն, միեւնոյն յաղթանակներու (զուտ հայկական) ամիսը պիտի խորհրդանշենք եւ վերաիմաստաւորենք մօտալուտ՝ Մայիս 9-եան եւ ամսուան վերջը՝ Մայիս 28-եան անդառնալի յաղթանակներու համազգային նշանակութեան գաղափարային արժեհամակարգերը:
1992 թ. Մայիս 9-ին արծուաբոյն Արցախի ազատագրութեան բարձրակէտին վրայ վերանուաճուեցաւ ու տա Աստւած՝ ընդմիշտ՝ անառիկ բերդի վերածուեցաւ հայկական Շուշին:

Շուշիի ազատամարտի անկրկնելի սերունդները, ինչ խօսք՝ հոգեհարազատօրէն սերտած էին Սեւակեան խորիմաստ պատգամը առ այն, որ.- «Սերունդնե՛ր, դուք ձեզ ճանաչէք Սարդարապատից»:
Ահաւասիկ, Շուշիի բերդէն մինչեւ Սարդարապատեան ամրակուռ պարիսպներ ու դեռ Հայկական հողերու ողջ երկայնքով, Հայոց յաղթական բանակի մերօրեայ սերունդները կանգնած են ամուր ու արթուն, որպէսզի սերտած դասերուն ու աւանդած պատգամներուն արժանավայել կեցուածքով ընդառաջ երթանք ազգովի, մէկ անգամ եւս վերարժեւորել-վերաիմաստաւորելով սեփական Յաղթանակներու ամիս՝ Մայիսը…: