
ԵԱՀԿ-ի Մէջ Տարածուած է Արցախի ԱԳՆ Պատրաստած Փաստաթուղթը՝ Ատրպէյճանի Կողմէ Իրականացուած «Օղակ» Գործողութեան Մասին
ԵԱՀԿ-ի մէջ տարածուած է Արցախի Հանրապետութեան ԱԳՆ պատրաստած փաստաթուղթը՝ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի սահմանամերձ գիւղերու հայ ազգաբնակչութեան դէմ իրականացուած «Օղակ» գործողութեան 29-րդ տարելիցին կապակցութեամբ, որ նախապէս հրապարակուած էր ԱԳՆ կայքէջին մէջ եւ տրամադրուած էր ԶԼՄ-ներուն։
Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Facebook-ի էջէն։