
Հայաստանի Մէջ Եղած են «Քորոնա» Ժահրով Կրկնակի Վարակման Դէպքեր․ Արսէն Թորոսեան
Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան Մայիս 4-ին յայտարարեց, որ կրկնակի վարակման դէպքեր «դժբախտաբար, արձանագրուած են, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ»:
«Մենք ամէն օր գիտական թարմ տեղեկութիւններ կը ստանանք` արդեօք ատիկա կրկնակի վարա՞կ է, թէ՞ պարզապէս եղած է ժահրի կա՛մ ապաշխուժացում, յետոյ աշխուժացում, կա՛մ ժահրի ոչ աշխոյժ մասնիկներու առկայութիւն մարմնի հիւսուածքներու մէջ»,- նշած է ան: