
ՀՕՄ-ի Մոսկուայի Մասնաճիւղի Նախաձեռնութեամբ Բարեսիրական Խումբեր Կը Հիմնադրուին Ռուսիոյ Մէջ՝ Աջակցելու «Քորոնա» Ժահրի Կանխարգիլման
Հայ Օգնութեան Միութեան Մոսկուայի մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ հիմնադրուած է «Ապաւէն» համառուսաստանեան բարեսիրական շարժումը։ Այս մասին “Եռագոյն”-ը կը տեղեկանայ “Երկիր” կայքէն։
Շարժումին շուրջ համախմբուած
են ՀՅԴ Ռուսիոյ կառոյցի, ՀՅԴ Հայ Դատի Մոսկուայի գրասենեակի, ՀՄԸՄ եւ «Համազգային»
միութիւններու ռուսաստանեան մասնաճիւղերու բազմաթիւ կամաւորներ աջակցելու համար «Քորոնա»
ժահրի կանխարգիլման գործընթացներու պատճառով դժուարութեան մէջ յատնուած յայտնուած հայերուն։
Առաջնային թիրախ ընտրուած են դժուար իրավիճակներու մէջ գտնուող երեխաները, միայնակ
մայրերն ու ծերերը:
Շարժումը իր բարեսիրական խումբերը կը հիմնադրէ Ռուսաստանի Դաշնութեան հայաշատ համայնքներու
մէջ եւ կոչ կ՛ընէ բոլոր բարեսիրտ եւ հայրենասէր հայրենակիցներուն միանալու շարժումին: