
Նախագահ Արմէն Սարգսեան Ծիծեռնակաբերդի Մէջ Յարգանքի Տուրք Մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին
Այսօր` Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրը, Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր` յարգանքի տուրք մատուցելու Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:
Հանրապետութեան նախագահի անունէն ծաղկեպսակ դրուեցաւ Մեծ եղեռնի զոհերու յուշակոթողին մօտ: Նախագահը ծաղիկներ դրաւ անմեղ զոհերու յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակի մօտ եւ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեց անոնց յիշատակը: