Հայոց Ցեղասպանութեան 105-ամեակին Առիթով Ղօղանջեցին Եկեղեցիներուն Զանգերը Եւ Մարեցան Փողոցի Լոյսերը

Հայաստան

Հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցին առիթով, 23 Ապրիլին՝ երեկոյեան ժամը 9-ին հնչեցին եկեղեցիներու զանգերը եւ անոնց ղօղանջներուն ընթացքին 3 վայրկեան մարեցան Երեւանի եւ մարզային կեդրոններու փողոցներուն լոյսերը։

Քաղաքացիներուն կոչ ուղղուած էր նաեւ մարելու իրենց բնակարաններուն լոյսերը եւ բջիջային հեռաձայններու լոյսերուն միջոցով պատուհանէն խորհրդանշել միասնական ներկայութիւն անմար կրակին շուրջ։

Լուսավառ ոգեկոչման վայրկեանը ունեցաւ իր խորհրդանշական արձագանգը Ծիծեռնակաբերդէն, ուր Կամօ Սէյրանեան եւ Լիանա Ալեքսանեան կատարեցին «Արի իմ սոխակ» երգը։

https://www.facebook.com/watch/live/?v=745435149324224&ref=external
0424louys

ARMENPRESS.AM