Արդարութիւնը Միակ Միջոցն Է Աւելի Մարդկային Աշխարհ Մը Կերտելու. Լիբանանի Նախագահի Գրառումը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 105-ամեակին Առիթով

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Հայոց Ցեղասպանութեան 105-ամեակին առիթով՝ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն Twitter-ի իր հաշիւով կատարեց հետեւեալ գրառումը.

«Արդարութիւնը միակ միջոցն է աւելի մարդկային աշխարհ մը կերտելու: Աւելի քան մէկուկէս միլիոն նահատակ պատճառած Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակման նախօրեակին, կը հաստատենք, որ հայ ժողովուրդին դէմ գործուած ոճիրներուն յիշատակը մարդկութեան խղճին մէջ կը մնայ ամօթի կնիք մը: Հայոց Ցեղասպանութիւնը մեզի յիշել կու տայ, որ մարդ արարածը չարիքներ գործելու ատակ է, երբ ան պատիժի եւ հաշուետուութեան ենթակայ չէ: Արդարութիւնը միակ միջոցն է աւելի մարդկային աշխարհ մը կերտելու»: