Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Առցանց Համերգ՝ 23 Ապրիլին

Սփիւռք

Պօղոսեան-Մանուէլեան ընտանիքի նուագախումբին կատարողութեամբ, 23 Ապրիլին տեղի պիտի ունենայ Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման առցանց համերգ մը, երեկոյեան ժամը 7-էն սկսեալ։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը տեղեկացնէ «Ասպարէզ»-ը։

Պիտի կատարուին Կոմիտասէն եւ Մոցարթէն ստեղծագործութիւններ եւ տեղի պիտի ունենայ համաշխարհային անդրանիկ կատարումներ՝ Իըն Քրուսի, Արտաշէս Քարթալեանի եւ Այտա Շիրազիի ստեղծագործութիւններուն։

Պօղոսեան ընտանիքի նուագախումբին մաս կը կազմեն Մովսէս Պօղոսեան (ջութակ), Վարդի Մանուէլեան (ջութակ), Եդուարդ Պօղոսեան (թաւջութակ), Քարա Պօղոսեան (ջութ), եւ Անուշ Պօղոսեան (քլարինեթ, աւագասրինգ):

Համերգին կարելի է հետեւիլ www.youtube.com/user/DilijanMusic կայքէջին վրայ։