«ԻԳործ» Ծրագիրին Դիմած է 742 Մասնագէտ 27 Երկիրներէ

Հայաստան, Սփիւռք

Սփիւռքի յանձնակատարի գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ Սփիւռքի մասնագէտներու «Իգործ» ծրագրի յայտադիմումներու վերջնաժամկէտը աւարտած է: Հայաստանի պետական համակարգին մէջ աշխատելու յայտ լրացուցած է 742 մասնագէտ 27 երկիրներէ: Դիմողներու ցանկին մէջ քիչ չեն աշխարհի լաւագոյն համալսարաններու շրջանաւարտները: Այժմ յայտերը կը դիտարկուին, արդիւնքներուն վերաբերեալ դիմորդները յետագային պիտի ստանան լրացուցիչ տեղեկատուութիւն: Ծրագրի յաջորդ փուլը պիտի ընթանայ հարցազրոյցի ձեւաչափով:

Գրասենեակը կը տեղեկացնէ նաեւ, որ պայմանաւորուած աշխարհի մէջ տիրող իրավիճակով` ծրագրի մեկնարկի ժամկէտները գուցէ փոփոխութիւններու ենթարկուին: