
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Քարիւղին Գինը Զերոյէն Վար Է
Վերջին ամիսներուն քարիւղին գինը իր նուազագոյն աստիճանին հասաւ տնարգելութեան եւ արտակարգ դրութիւններուն պատճառով, որովհետեւ քարիւղի պահանջքը մեծապէս նահանջեց:
Բայց եւ այնպէս, վերջին տուեալներուն համաձայն, պատմութեան մէջ առաջին անգամն ըլլալով ամերիկեան քարիւղի տակառին գինը մեծապէս նուազեցաւ եւ հասաւ զերոյէն նուազի: