Նախագահ Արմէն Սարգսեան Կ՛առաջարկէ Ծիծեռնակաբերդի Տարածքին «Հայ Փարք» Հիմնել

Հայաստան

Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան կ՛առաջարկէ Ծիծեռնակաբերդի տարածքին «Հայ փարք» (զբօսայգի) հիմնել:

ՀՀ նախագահի մամուլի ծառայութեան հաղորդագրութեան համաձայն, Արմէն Սարգսեան այդ մասին խօսած է «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի «Կիրակնօրեայ վերլուծական» հաղորդման ընթացքին:

Ան նշած է, որ «Քորոնա» ժահրի համավարակէն ետք աշխարհը պէտք է վերագնահատէ ինքզինք՝  նկատելով, որ «Քորոնա» ժահրի «յետոն կը սկսուի այսօր»:

«Նոյն այսօր պէտք է մտածենք, թէ ինչպէս պիտի ապրինք «Քորոնա»-էն ետք: Հայաստանի պարագային կարելի է, օրինակ, սկսիլ ամենապարզէն` հանրային առողջութեան ոլորտէն: Այսօր ես իմ տան պատշգամէն անգամ քաղաքի հեռաւոր թաղամասերը կը տեսնեմ, Արարատ լեռը աւելի պարզ կ՛երեւի, ինչ որ առաջ հնարաւոր չէր: Այսինքն, հիմա մեր քաղաքի օդը 2-3 անգամ աւելի մաքուր է, քան «Քորոնա» ժահրէն առաջ: Ուրեմն ինչո՞ւ չմտածել այն մասին, որ մենք մաքուր օդ միշտ ունենանք»:

Նախագահը ըսած է, որ Երեւանի այգիները անոր «թոքեր»ն են, եւ, որպէսզի մեր բնակչութիւնը կարենայ առողջ ապրիլ, պէտք է այգիներ` «հանրային առողջ թոքեր» ունենալ:

Այս ծիրէն ներս նախագահ Սարգսեան ներկայացուցած է Ծիծեռնակաբերդի տարածքին «Հայ փարք» ստեղծելու իր գաղափարը: «Շուտով մենք պիտի ոգեկոչենք Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը, յիշեցնելու աշխարհին, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը չճանչնալը կամ պատմութեան դասերը մոռնալը վտանգաւոր է ողջ մարդկութեան համար: Այս առիթով կ՛ուզեմ առաջարկ մը հնչեցնել, որուն մասին դեռ տարիներ առաջ կը մտածէի: Եթէ Եղեռնի յուշարձանէն նայիք մինչեւ «Հրազդան» մարզադաշտը, կը տեսնէք հսկայական տարածութիւն, որ, եթէ չեմ սխալիր, մօտաւորապէս 103 հեքտար է: Այդ տարածքը մշակուած չէ, իսկ մեր քաղաքը մեծ այգիի կարիք ունի: Կ՛առաջարկեմ ստեղծել համազգային այգի, որ կը սկսի Եղեռնի յուշարձանէն անմիջապէս ետք եւ կ՛երկարի այդ 103 հեկտարով»:

Մանրամասնելով այգիի ստեղծման գաղափարը` նախագահը նշած է.

«Տրամաբանութիւնը հետեւեալն է. այգիին առաջին հատուածը կազմուած պիտի ըլլայ մասերէ, որոնք պիտի ներկայացնեն մեր պատմական հայրենիքի շրջանները, օրինակ` Վանը, Էրզրումը եւ այլն:

Երկրորդ շերտը պիտի ներկայացնէ սփիւռքահայութիւնը` ամբողջ աշխարհով ապրող մեր հայ ժողովուրը, ենթադրենք` Մարսէլի, Նիւ Եորքի, Մոսկուայի, Նովոսիպիրսքի հայ համայնքները:

Երրորդը` մեր հայրենիքի այսօրուան շրջանները, քաղաքներն ու կառոյցներն, օրինակ` Գիւմրի կամ Երեւանի պետական համալսարանը:

Այս բաժանումը խորհրդանշական է այն իմաստով, որ ամբողջ տարածքը կը բաժանուի առանձին կտորներու եւ ծառեր կը տնկուին:

Գեղեցիկ կ՛ըլլայ, եթէ ծառերուն քանակը ըլլայ մօտաւորապէս 1,5 միլիոն` իւրաքանչիւր զոհի համար մէկ ծառ: Այս այգին կը նկարագրէ մեր պատմական կորուստները եւ, միաժամանակ, այսօրուան հայկական աշխարհը, հայկական պետականութիւնը` Հայաստանով եւ Արցախով: Ի դէպ` այգիին առանձին կտորները բաժնելով եւ անուններ տալով, կրնանք քաջալերել, որ օրինակ` վանեցիները վերցնեն այգիին Վանայ տարածքը եւ մշակեն: Սա կը դառնայ համազգային այգի, հայկական այգի, հայ պարկ»:

Արմէն Սարգսեան կարեւոր համարած է, որ այգին մնայ այգի եւ չդառնայ ճաշարաններու շարք: Ան նշած է, որ ժամանակին այս գաղափարը քննարկած է Եւրոպայի ամենայայտնի այգիներու ձեւաւորողներէն մէկուն հետ, որուն գրասենեակը նոյնիսկ ձեւակերպած է գաղափարը:

Նախագահ ըսած է, որ կառավարութեան, վարչապետին եւ քաղաքապետին դիմած է նամակով եւ առաջարկած է քննարկել այս հարցը:

«Եթէ կառավարութիւնը, քաղաքապետարանը հաստատեցին այդ գաղափարը, ես անձամբ, որպէս նախագահական նախաձեռնութիւն կը լծուիմ դրամահաւաքին եւ աշխատանքներու կազմակերպման, որովհետեւ կը կարծեմ, որ սա շատ կարեւոր ներդրում պիտի ըլլայ տարբեր իմաստներով` եւ՛ ազգային միասնութիւն ստեղծելու, եւ՛ մեր պատմութեան նկատմամբ յատուկ վերաբերմունքի, եւ՛ հանրային առողջութեան, եւ՛ ընդհանրապէս»: