«Քորոնա» Ժահրով Վարակուած Հայ Մայրիկը Ծննդաբերած է

Այլեւայլ, Հայաստան

ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան, Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է․ «Երէկ ունեցած ենք առաջին ծնունդը մայրիկէն, որուն մօտ «քորոնա» ժահրի քննութիւնը եղած էր դրական: Բարեբախտաբար, շնորհիւ մեր բժիշկներու մասնագիտութեան՝ թէ՛ երեխան, թէ՛ մայրը լաւ կը զգան իրենց:

Ծննդաբերութենէն ետք դրուած քննութիւնը ծննդկանի մօտ տուած է բացասական արդիւնք, իսկ երեխան կը քննուի այսօր: Անոնք դեռ 14 օր կը մնան բժշկական հսկողութեան տակ: Առողջութիւն կը մաղթեմ անոնց»: