
ՊԲ Հրամանատար-Զօրավար Ճալալ Յարութիւնեան Այցելած է Մարտական Դիրքեր (լուսանկարներ)
Ապրիլ 16-ին, ԱՀ ՊՆ, ՊԲ հրամանատար, զօրավար Ճալալ Յարութիւնեան հերթական շրջայց կատարած է հարաւ-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մարտական դիրքեր:
ԱՀ ՊՆ մամուլի ծառայութենէն ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը յայտնեն, որ միաւորման եւ զօրամասի հրամանատարութեան ուղեկցութեամբ առաջնագիծ այցելութեան ընթացքին բանակի հրամանատարը զրուցած է դիրքապահներու հետ, ծանօթացած վերջին շրջանին դիրքերու մէջ իրականացուած արհեստագիտական կահաւորման, կրակի վարման արդիւնաւէտութեան բարձրացման ուղղութեամբ իրականացուած աշխատանքներուն, հակառակորդի հետ անմիջական շփման պայմաններու մէջ տիրող անմիջական իրադրութեան, դիրքապահներու ընկերային-կենցաղային պայմաններուն:
Այնուհետեւ, ՊԲ հրամանատարը դիրքապահներու մարտունակութիւնը, մարտական պատրաստուածութիւնն ու գործնական հմտութիւնները ստուգելու նպատակով, վերջիններուս առաջադրած է յստակ իրավիճակներու մէջ մասնագիտական պարտականութիւններու կատարումէն բխող անհրաժեշտ խնդիրներ, հետեւած անոնց կատարման ընթացքին եւ նկատուած թերացումները վերացնելու, ինչպէս նաեւ զինծառայողներու պատրաստութեան մակարդակը աւելի բարձրացնելու նպատակով տուած համապատասխան ցուցումներ ու յանձնարարականներ:



