
ՀՄԸՄ-ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան Հաղորդագրութիւն
Սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ,
ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութիւնը Մարտ ամսուան կէսէն ի վեր կը հետեւի «Քորոնա» ժահրի (COVID-19) զգուշացման միջոցառումերուն: Ուստի, հետեւելով երկրին, նահանգին եւ տեղական պատկան իշխանութիւններուն, առողջապահական կազմակերպութիւններու եւ կառավարութեան տնօրինած օրէնքներուն՝ վարչութիւնս դադրեցուց բոլոր սկաուտական, մարզական (փորձերն ու մրցումերը) եւ մշակութային յայտագիրերն ու աշխատանքները:
Վարչութիւններուն թելադրեց փակել իրենց կեդրոնները եւ դադրեցնել մասնաճիւղի մրցումները, սկաուտական աշխատանքներն ու բանակումները: Ինչպէս արդէն տեղեակ էք՝ ՔԱՀԱՄ-ի 36-րդ մարզախաղերու աւարտական մրցումները եւ փակման հանդիսութիւնը տեղի չունեցան:
44 տարիներ շարունակ, ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած Նաւասարդեան մարզախաղերն ու փառատօնը մեծ ոգեւորութեամբ տեղի կ՛ունեան 4 Յուլիսի շաբաթավերջին եւ դարձած են գաղութիս մեծագոյն նախաձեռնութիւնը, համախմբելով հազարաւոր հայորդիներ:
Այսօր, բոլորս կը պայքարինք «Քորոնա» ժահրին դէմ, որուն համաճարակի կացութիւնը մեզ հասցուց լուրջ տագնապի եւ անորոշութեան: Վարչութիւնս Նաւասարդեան կազմակերպիչ յանձնախումբէն խնդրեց պատրաստել ծրագիր մը: Սակայն, ներկայ անորոշ պայմաններուն մէջ, չենք գիտեր թէ ե՛րբ պիտի կարենանք վերադառնալ մեր սովորական կեանքին եւ աշխատանքներուն, թէ ի՛նչ առողջապահական եւ ապահով պայմաններ պիտի ստեղծուին. կարելի պիտի չըլլայ կազմակերպել Նաւասարդեան 45-րդ մարզախաղերն ու ձառատօնը:
Ուստի, վարչութիւնս պաշտօնապէս կը յայտարարէ, որ 2020-ին Նաւասարդեան մարզախաղերն ու փառատօնը, Յաղթանակի պարահանդէսը եւ փակման հանդիսութիւնը տեղի պիտի չունենան:
Միութիւնս այսօր, առաւել եւս կը շարունակէ իր առաքելութիւնը՝ յիշեալ քայլերով իր մասնակցութիւնը բերելով մեր օրերու համաշխարհային մեծագոյն տագնապին դիմագրաւման: Վարչութիւնս կը յուսայ, որ դարձեալ պիտի կարենանք հանդիպիլ եւ շարունակել ծառայել ու ծաղկեցնել մեր կազմակերպութիւնը:
ՀՄԸՄական ջերմ բարեւներով,
ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու
Շրջանային Վարչութիւն