Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին՝ Ծաղիկներու Մատուցման Արարողութիւն Թեհրանի Մէջ. Հաղորդագրութիւն

Սփիւռք

Սիրելի հայրենակիցներ,

Այսու կը յայտնենք Ձեզի, որ Ապրիլ 24-ի օրը Թեհրանի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան զոհուած սուրբերու յիշատակին, տեղի պիտի ունենայ դռնփակ Ծաղիկներու մատուցման արարողութիւն՝ համայնքի կառոյցներու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ: Արարողութեան ժամը եւ տեղեկութիւնները նախապէս կը փոխանցուի մասնակցողներուն:

Իսկ սիրելի հայրենակիցները՝ հետեւելով մեր յաջորդ յայտարարութիւններուն, հասարակական ցանցերու միջոցով, կրնան իրենց մասնակցութիւնը ունենալ Հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցի ոգեկոչման աշխատանքներուն:

Յարգանօք՝

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 105-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻ

ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

13.04.2020 թ.