
Արցախի ՀՕՄ-ը Բժշկական 100 Արտահագուստ Կը Պատրաստէ
Հայ Օգնութեան Միութեան Արցախի միաւորը, Ապրիլ 15-ին, «Շուշիի շրջանային բուժմիաւորում» կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն Վիգէն Խաչատրեանին յանձնած է բուժաշխտողներու համար նախատեսուած բժշկական
շուրջ 100 արտահագուստ։
Բժշկական արտահագուստը պատրաստուած է՝ Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութեան հետ խորհրդակցութիւններ կատարելէ ետք։
ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորը կը շարունէ համաճարակի կանխարգիլման գծով իր աջակցութիւնը։