17-ամեայ Աղջկայ Նպաստը՝ Կապանի Բուժաշխատողներուն. Բարեգործութիւնը Սահմաններ Չունի

Այլեւայլ, Հայաստան, Սփիւռք

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ բնակող, արմատներով կապանցի 17-ամեայ Էլենա Հայրապետեան՝ կարեւոր համարելով ու գնահատելով բուժաշխատողներու ամենօրեայ ջանքերն ու նուիրումը «քորոնա» ժահրի կանխարգիլման եւ յաղթահարման ուղղուած քայլերուն գծով, փափաքած է իր համեստ ներդրումը ունենալ՝ իբրեւ շնորհակալութիւն։ Այդ նպատակով՝ Էլենա Հայրապետ 50-ական ԱՄՆ տոլար ուղարկած է Կապանի բժշկական կեդրոնի վարակաբանական բաժանմունքի 9 բուժաշխատողի, որոնք այս օրերուն կ՝աշխատին գերծանրաբեռնուած եւ յաճախ վտանգաւոր պայմաններու մէջ։

Կապանի համայնքապետարանը եւ Կապանի բժշկական կեդրոնը՝ համայնքապետարանի Facebook-ի էջին միջոցով՝ շնորհակալութիւն յայտնած են Էլենա Հայրապետեանին՝ նման նախաձեռնութեան, համայնքին սատար կանգնելու եւ բարի կամք դրսեւորելու համար։

Կը նշուի նաեւ, որ ասիկա 17-ամեայ աղջկայ երկրորդ բարեգործութիւնն է՝ ի նպաստ Կապան համայնքի։