
Քոնկրեսական Սփիր Կը Զօրակցի «Քորոնա» Ժահրին Դէմ Պայքարելու Համար Հայաստանին Յաւելեալ Նպաստ Տրամադրելու Կոչին
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համանախագահ Ճեքի Սփիր իր զօրակցութիւնը յայտնած է «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու համար Հայաստանին առնուազն 25 միլիոն տոլարի յաւելեալ ամերիկեան աջակցութիւն տրամադրելու Հայ Դատի դիմումին։
Քոնկրեսականը իր զօրակցութիւնը յայտնած է Սան Ֆրանսիսքոյի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած համացանցային քննարկումի մը ընթացքին։
Քննարկումէն մաս մը կարելի է դիտել https://youtu.be/RU3Q40NoEl0 կայքէջին վրայ։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին դիմումը կատարուած էր 3 Ապրիլին, ատենապետ Րաֆֆի Համբարեանի կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի յղուած նամակով մը։