
Արայիկ Յարութիւնեան Նախնական Տուեալներով Ստացած Է Ձայներուն 87 Տոկոսը
14 Ապրիլին, Արցախի մէջ տեղի ունեցաւ նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ փուլը, որուն, տարածքային ընտրական յանձնաժողովներէն փոխանցուած տուեալներուն համաձայն, երեկոյեան ժամը 8-ի դրութեամբ մասնակցած են 47,050 ընտրողներ՝ ընտրելու իրաւունք ունեցողներուն 44.9 տոկոսը։
Artsakhpress.am-ի՝ տեղեկութիւններով՝ առաւօտեան ժամը 8-ին բացուեցան 282 ընտրական տեղամասերը, որոնցմէ մէկը՝ Երեւանի մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցչութեան շէնքին մէջ, ուրիշ մը՝ Շուշիի քրէակատարողական հիմնարկին մէջ:
Նշենք, որ, 31 Մարտին տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւններուն արդիւնքներով ոչ մէկ թեկնածու կրցաւ ապահովել անհրաժեշտ քուէները։
Արցախի Հանրապետութեան ոստիկանութեան 13 Ապրիլ 2020-ի տուեալներուն համաձայն՝ Արցախի մէջ ընտրողներուն ընդհանուր թիւը 103,637 է:
Նախագահական թեկնածու Մասիս Մայիլեան «Ֆէյսպուք»ի իր էջին միջոցաւ կոչ ուղղեց արցախցիներուն՝ չմասնակցելու 14 Ապրիլի ընտրութիւններուն` նկատի ունենալով «Քորոնա» ժահրի տարածման վտանգը:
«ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրառում մը կատարելով՝ «Ազատ Հայերնիք» կուսակցութեան ղեկավար, Արցախի նախագահի թեկնածու Արայիկ Յարութիւնեանի մամլոյ խօսնակ Վահրամ Պօղոսեան կը յայտնէ, թէ Արայիկ Յարութիւնեան, նախնական տուեալներով, Արցախի նախագահական ընտրութիւններուն ստացած է ձայներուն 87 տոկոսը: