Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-Հիմնարկը Կոչ Կ՛ընէ Ապրիլ 24-ին Կիրառել «Կը ՅիշԵմ Ու Կը Պահանջեմ» Կարգախօսով Շրջանակ

Հայաստան

«Արմենփրես»,-  Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը «Ֆէյսպուք»ի օգտատէրերուն յորդորած է Ապրիլ 24-ին` Հայոց ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցին, նախապէս առաջարկած «Ես ՅԻՇՈՒՄ Եմ  կամ  ԿԸ Յիշեմ» գրութեամբ շրջանակի փոխարէն կիրառել «Յիշում Եմ ու Պահանջում» կարգախօսով շրջանակը: 

Թանգարան-հիմնարկը այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է` պարզաբանելով, որ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի «Հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցին ընդառաջ» դիմումին մէջ յստակ կը նշուի. «Վաղուց արդէն Հայոց Ցեղասպանութիւնը դուրս եկած է էթնիկական յիշողութեան, այն է` լոկ հայերու նկատմամբ գործուած յանցագործութեան, զուտ հայկական ողբերգութեան սահմաններէն. ան համամարդկային ողբերգութիւն է, մարդկութեան դէմ գործած ամենամեծ չարիքներէն մէկը: Չարիք, որի միջազգային ճանաչման ու դատապարտման, նաեւ հետեւանքներու վերացման հարցը արդարութեան համար պայքարի ծիրին մէջ է»: 

Ատկէ քանի մը օր անց հրապարակուած ՀՑԹԻ-ի արձագանգին մէջ շեշտուած է, որ «100-ամեակին ընդունուած Հռչակագիրն ու «Կը յիշեմ ու կը պահանջեմ» կարգախօսը մեր ինքնութեան, պատմութեան, պայքարի անքակտելի մասն են»:

Եւս երկու օր անց ՀՂԹԻ-ի պարզաբանման մէջ գրուած է, որ հանրութեան ներկայացուած առաջարկին մէջ. «Որեւէ քաղաքական նպատակ չէ հետապնդուած…: Պահանջատիրութիւնը ինչպէս կար, այնպէս ալ կը շարունակէ ու պիտի շարունակէ մնալ մեր բոլորիս պայքարի առանցքին մէջ, քանի որ ան մեր ինքնութեան անքակտելի մասը կը կազմէ»:

Հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի առաջարկին մէջ` դիմատետրի մէջ օգտատէրերու լուսանկարի փոփոխուած տարբերակին մէջ յուշային շրջանակի վրայ գրել «Յիշում եմ» բառակապակցութիւնը` հանրութեան որոշ շրջանակներու մէջ թիւր տպաւորութիւն ստեղծած է քաղաքական գիծի փոփոխութեան մասին, թանգարան-հիմնարկը որոշած է խուսափիլ հնարաւոր շահարկումներէն, փարատել հայրենակիցներու անհանգստութիւնները եւ փոխել յուշային շրջանակի գրութիւնը` որպէս ձեւակերպում օգտագործելով 2015-ին ընդունուած «Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի համահայկական հռչակագիր»ին մէջ նշուած «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ» կարգախօսը:  «Մեր հիմնական առաջարկն ու խնդրանքը մեր հայրենակիցներուն կը շարունակէ մնալ նոյնը` կիսուիլ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու ու վերապրողներու լուսանկարներով ու պատմութիւններով դիմատետրի էջերուն վրայ”,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցին ընդառաջ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտը Ապրիլ 7-ին կոչով դիմած էր Հայաստանի քաղաքացիներուն, հայ ժողովուրդին ու անոր բարեկամներուն` յորդորելով օգտատէրերուն Ապրիլ 24-ին «Ֆէյսբուք»-ի մէջ իրենց լուսանկարները փոխարինել յատուկ այդ նպատակով ստեղծուած յուշային շրջանակի մէջ առնուած իրենց հարազատներուն` զոհ կամ վերապրող` լուսանկարներով, ատոր բացակայութեան պարագային` անուն-ազգանունով, նաեւ փոքր պատմութեամբ մը անոր կամ անոնց մասին:

Թանգարան-հիմնարկի տարածած հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուէր. «Եթէ չկան զոհ կամ վերապրող հարազատներ, ապա տեղադրեցէք Ցեղասպանութեան զոհ արեւմտահայ մտաւորականներու, հասարակական-քաղաքական գործիչներու, ֆետայիներու, շարքային զինուորներու ու զօրավարներու լուսանկարները: Դրէք արեւմտահայութեան մշակութային ժառանգութեան գանձերու լուսանկարները, կիսուեցէք Արեւմտեան Հայաստանի ձեզի հասանելի պատկերներով: Եւ ընդամէնը մէկ պարզ գրութեամբ` «ԵՍ ՀԻՇՈՒՄ ԵՄ  կամ  ԿԸ ՅԻՇԵՄ»: