
Թորոսեանի Կարծիքով՝ Վարակը Տակաւին Չի Նահանջեր․ Ան Արտակարգ Դրութիւնը Երկարացնելու Առաջարկ Պիտի Ընէ Կառավարութեան
ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան այսօր ըսած է, որ վերջին օրերուն «Քորոնա» ժահրի վարակման նոր դէպքերու թիւի նուազումը չի նշանակեր, որ վարակը կը նահանջէ:
Այսօր ելոյթ ունենալով Ազգային Ժողովին մէջ, նախարարը պարզաբանած էր, որ եթէ առաջ բացայայտուող դէպքերը հիմնականօրէն մէկ-երկու օճախէ կ՛ըլլային, ապա հիմա աղբիւրները տարբեր են:
«Մեր խնդիրը ամէն հնարաւոր դէպք գտնել, քննութեան երնթարկել, հաստատել, մեկուսացնել շրջանակը, բուժել: Այս քայլերը պիտի ընենք այնքան, քանի դեռ ուժ ունինք: Երբ ուժասպառ կ՛ըլլան, միայն քննութիւնն ու բուժումը կը ձգենք: Մեկուսացումը այլեւս չենք ըներ, որովհետեւ անիմաստ կ՛ըլլայ, տարածումը մեծ կ՛ըլլայ»,- “Մեդիամասքս”-ի փոխանցմամբ՝ ըսած է նախարարը:
Ըստ նախարարին` այժմ հիմնական խնդիրներէն է մահերու ցուցանիշը ցած պահելն ու հիւանդանոցները հնարաւորինս քիչ ծանրաբեռնելը:
Ան ըսած է, որ կառավարութեան պիտի առաջարկէ երկարացնել արտակարգ դրութիւնը:
«Որոշումը պիտի ընդունուի` հաշուի առնելով շատ հանգամանքներ: Սակայն կանխարգելիչ գործողութիւններու շարունակականութիւնը ապահովելու համար, կը կարծեմ, արտակարգ դրութիւնը կարեւոր է»,- ըսած է նախարարը:
Անոր խօսքով` նոյնիսկ եթէ արտակարգ դրութեան կարգը հանուի, պէտք է պահպանել վարքագծային բոլոր կանոնները.
«Վարակման քիչ թիւեր տեսնելով` պէտք չէ թուլանալ կամ աւելի հանգիստ ըլլալ, քանի որ փոխանցման շղթաները կոտրելու գործողութիւնները երկարատեւ պիտի ըլլան»:
Թորոսեան ըսած է, որ այսօրուան դրութեամբ «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարին մէջ ներգրաւուած է շուրջ 1700 բուժաշխատող: