
Աւագ Ուրբաթ. Խաչելութիւն՝ Յիսուս Քրիստոսի
Աւագ Ուրբաթ օրուան խորհուրդը ծանրացած է խաչելութեան պատմութեան վրայ: Ինչպէս արդէն ըսուած է, աւագ Հինգշաբթի երեկոյեան կը կատարուի «Խաւարման» արարողութիւնը:
Խաւարում: Խաչելութենէն առաջ Տիրոջ գլխուն փուշէ պսակ դրին, ծաղրեցին, անարգեցին, ապա խաչեցին, ծարաւը յագեցնելու համար ջուրի փոխարէն լեղի տուին եւ մեռնելէ ետք ալ տէգով խոցեցին: Քրիստոս այս բոլոր չարչարանքները յանձն առաւ եւ խաչափայտի վրայ հոգին աւանդեց` մարդկութեան փրկութեան եւ մեղքերու քաւութեան համար:
Արարողութիւնը կը սկսի այսպէս. խորանի վրայ կը վառին տասներկու հաւասարաչափ մոմ եւ մէկ հատ մեծ` անոնց միջեւ: «Խաւարման» ընթացքին աւետարաններէն կը կարդացուին եօթը հատուածներ, որոնք կը բովանդակեն Յիսուսի` Գէթսեմանիի պարտէզին մէջ աղօթելը, Յուդայի մատնելը, Յիսուսի` ամբոխի ձեռքը յանձնուիլը, Աննայի եւ Կայիափայի առաջ տարուիլը, ապտակուիլը, անարգուիլը եւ Պետրոսի երեք անգամ ուրանալն ու զղջալը:
Աւետարանական ընթերցումները կ՝ընդմիջուին սաղմոսներու ընթերցանութեամբ եւ սուրբ Ներսէս Շնորհալիի հեղինակած շարականներով: Ամէն աւետարանական ընթերցումէ ետք՝ կը յանգցնեն տասներկու մոմերէն երկուքը` իւրաքանչիւր կողմէն մէկական, վերջը կը մնայ միայն մէջտեղի մեծ մոմը: Եւս մէկ շարականէ ետք՝ կը յանգցնեն եկեղեցւոյ բոլոր լոյսերը, եւ կ՝երգուի «Փառք ի բարձունս», որ առաջին անգամ ըսած են հովիւները. «Փա՜ռք Աստուծոյ` բարձունքներու վրայ, երկրի վրայ` խաղաղութի՜ւն, եւ հաճութի՜ւն` մարդոց մէջ» (Ղուկ. Բ 14): Այս երգի վերջին խօսքերէն «Ծագեայ»-ի ժամանակ դարձեալ կը վառին լոյսերը:
Մոմերը հանգցնելը կը խորհրդանշէ աշակերտներուն ձգելն ու փախչիլը, իսկ մէջտեղի մոմը կը խորհրդանշէ Քրիստոսը, Որ մնացած էր միայնակ:
Աղբիւր՝ «Սիւնեաց կանթեղ»